Նախագահ Սլէյման Սինիորայի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց ընտրական հարցեր, ինչպէս նաեւ առկայ ընտրական օրինագիծերն ու քաղաքական բազմազանութիւնը պահպանող եւ երկրին սահմանադրութիւնը հարազատօրէն դրսեւորող ընտրական արդի օրէնքի մը յանգելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնք մերժեցին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ երեսփոխան Եուսեֆ Խալիլ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Ուաթա Ժոզի միջադէպին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին:


