Խորհրդարանին Մէջ Երեսփոխանական Խորհրդակցական Հանդիպում

Խորհրդակցական հանդիպումէն պահ մը

Մինչ ընտրական օրինագիծերը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը` վաւերացնելու համար իր աշխատանքներուն եւ քննարկումներուն ատենագրութիւնը, երէկ խումբ մը երեսփոխաններ ուղղուեցան խորհրդարան, ուր գումարեցին խորհրդակցական նիստ մը:

Նիստէն ետք երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն մասնակցելու վաղը խորհրդարանին մէջ գումարուելիք միացեալ յանձնախումբերուն նիստերուն:

Քանաան նշեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին, ինչպէս նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին միջեւ համախոհութիւն կայ ընտրական օրէնքին եւ ընտրաշրջաններուն վերաբերեալ:

Քանաան նշեց, որ ընտրական օրէնքը բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ Լիբանանին համար է, ո՛չ Մարտ 14-ին եւ ո՛չ ալ Մարտ 8-ին` մաղթելով, որ բոլորը կը գիտակցին իրենց ազգային պարտականութեան եւ կը մասնակցին միացեալ յանձնախումբերուն նիստին:

Հոս աւելցնենք, որ չորեքշաբթի օրուան նիստին իրենց մասնակցութիւնը հաստատեցին նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները:

Նշենք, որ երէկուան խորհրդակցական նիստին մասնակցեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Այուպ Հըմայէտ, Հասան Ֆատլալլա, Իպրահիմ Քանաան, Ալի Պեզզի, Ըսթֆեն Տուէյհի, Սիմոն Ապի Ռամիա, Ալի Ֆայեատ, Եասին Ժապեր, Ղազի Զաայթեր, Ալեն Աուն, Ալի Խրէյս, Նաուար Սահիլի, Զիատ Ասուատ, Ալի Ամմար եւ Միշել Մուսա:

 

Share this Article
CATEGORIES