Վերջին Ժամ. Ինքնաշարժի Ականահարում` Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ
Երէկ երեկոյեան ժամը 10:15-ի մօտ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հայ Սըլլոմ շրջանին մէջ լիբանանցի քաղաքացի Ապպաս Մազլումի ինքնաշարժը ականահարման թիրախ դարձաւ: Հոնտա Սիվիք» տիպի ինքնաշարժին ետեւի անիւին մօտ զետեղուած էր ականը:
Ականահարումը պատճառեց միայն նիւթական վնասներ: Բանակը եւ ներքին ապահովութեան ուժերը շրջափակեցին պայթումին վայրը եւ հետաքննութիւն բացին: Հետաքննութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
Նախնական տուեալներու համաձայն, շրջանի քաղաքական ուժերը ձերբակալեցին Ապպաս Մազլումը եւ զայն հարցաքննութեան ենթարկեցին:
CATEGORIES Լիբանանեան

