«Ընտրական Օրինագիծերու Քննարկումին Յետաձգումը` Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կը Դնէ Յետաձգուելու Հունին Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան «Էն. Պի. Էն» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծին քննարկումը յետաձգելու կամ յապաղեցնելու որեւէ քայլ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու հունին մէջ կը դնէ:
«Պէտք չէ ընտրական օրինագիծերը զբաղումի առարկայի վերածել եւ ժամանակ կորսնցնել, որպէսզի սահմանադրական ժամկէտներուն չհասնինք, երբ տակաւին ընտրական օրէնք մը չկայ», ըսաւ Յ. Բագրատունի` մերժելով վերադառնալ 1960-ի ընտրական օրէնքին:
CATEGORIES Լիբանանեան

