«Թուրքիոյ Մէջ 24 Ապրիլին Հայ Զինուորը Սպաննելը Պատահական Չէր» Կ՛ըսէ Քիւրտ Երեսփոխան Մը
Տիգրանակերտի օդուժի երկրորդ զինուորական դատարանին մէջ տեղի ունեցած է զինուորական ծառայութեան ժամանակ 24 ապրիլ 2011-ին մէկ այլ զինուորի կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի դատական հարցով հերթական դատական նիստը:
Թրքական «Տիարպեքիրսէօզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ Սեւակ Շահին Պալըքճըի սպանութեան գործով հերթական նիստի ընթացքին դատարանը դարձեալ այս հարցով կասկածեալ Քուանչ Աղաօղլուի դէմ կալանման որոշում չէ տուած:
Անդրադառնալով այս ամօթալի դատավարութեան` քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Նուրսել Այտողան նշած է, որ Սեւակի մահը պատահականութիւն չէր:
«Հայերու կոտորածի օր հանդիսացող 24 ապրիլին այսպիսի բան տեղի ունենալը ցոյց կու տայ, որ անիկա պատահականութիւն չէր: Անիկա յատուկ մշակուած սպանութիւն էր», ըսած է քիւրտ երեսփոխանը:
Նշենք, որ Սեւակի զինուորական պարտադիր ծառայութեան աւարտին մնացած էր 23 օր, երբ 24 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ան սպաննուած էր մէկ այլ զինուորի` Քուանչ Աղաօղլուի կողմէ: Զիուորական ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, որ անիկա տեղի ունեցած է ծառայակից ընկերոջ հետ կատակ ընելու ընթացքին պատահաբար արձակուած կրակոցէն: Սեւակի ծնողները կը պնդեն, որ իրենց որդին սպաննած են ազգայնականութեան հողի վրայ` հայ ըլլալուն համար:
Դատարանը առաջին դատական նիստին իսկ ազատ արձակած էր Աղաօղլուն` նշելով, որ ան փախչելու առիթ չունի: Տիգրանակերտի զինուորական դատարանին մէջ բարձրաստիճան զինուորական մը, որուն անունը չի յայտնուիր, յայտարարած է, որ Սեւակի սպանութենէն ետք ականատես զինուոր մը իրեն մօտենալով ըսած է, թէ Քուանչ Աղաօղլու Սեւակին ըսած էր. «Թոմպուլիկ, քեզի պիտի սպաննեմ»:


