Համանախագահներ Կը Խորհրդակցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախարարներուն Հետ

Փարիզի մէջ երէկ կայացած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իան Քելիի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Ժաք Ֆորի (Ֆրանսա) հանդիպումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ: Ըստ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին, հանդիպման մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի ներկայ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Համանախագահները շարունակած են նախարարներուն հետ քննարկել խաղաղ հոլովոյթը առաջ մղելու աշխատանքային առաջարկները, որոնք կողմերուն ներկայացուած էին անցեալ տարուան հոկտեմբերին: Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակած են փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման հաւանական տարբերակներուն վերաբերեալ:

Միջնորդները վկայակոչած են 14 ապրիլ 2011-ին եւ 13 յուլիս 2012-ին կատարուած յայտարարութիւններն ու նախարարներուն հետ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի եւ հոնկէ քաղաքացիական թռիչքներ կատարելու հարցը:

Նախարարներն ու համանախագահներն ընդգծած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կարեւորութիւնը` ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ: Նախարարները նաեւ հաստատած են իրենց աջակցութիւնը տագնապին խաղաղ լուծման` յայտարարելով, որ պատրաստ են բանակցութիւնները շարունակելու: Նախարարներն ու համանախագահները համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթներուն շարունակել խաղաղ հոլովոյթին քննարկումը:

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին ազրպէյճանցի նախարարը անգամ մը եւս օրակարգի նիւթ դարձուցած է Արցախ հաստատուող սուրիահայերու հարցը եւ այդ կապակցութեամբ Պաքուի մտահոգութիւններ փոխանցած է` միաժամանակ պնդելով, թէ նման քայլերը «ապօրինի եւ անընդունելի են»: Մամետեարով ապօրինի նկատած է նաեւ Ստեփանակերտի օդանաւին գործունէութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES