Ռէալ Մատրիտ Բացակայ Մարզիկներով Պիտի Մրցի Պարսելոնայի Դէմ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ, Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտականի երթի մրցումին, վաղը իր դաշտին` «Պեռնապէօ»-ի վրայ Պարսելոնան պիտի հիւրընկալէ բացակայ մարզիկներով:
Խմբապետ եւ բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ ձեռքի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, երեք ամիսով բացակայ է դաշտերէն, իսկ յետսապահ Փեփէ (վիրաւոր) ցարդ չէ վերադարձած ֆութպոլի դաշտերը:
Իսկ յետսապահներ Սերճիօ Ռամոս, Ֆապիօ Քոյենթրաօ, ինչպէս նաեւ Անխել Տի Մարիա երթի այս մրցումին կախակայուած են:
CATEGORIES Մարզական


