Եօթը Դիրք Նահանջելով` Դաւիթ Նալպանտեան Այժմ Կը Գրաւէ 90-րդ Դիրքը
Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան եօթը դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ դասաւորման 90-րդ դիրքը, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի սերպ Նովաք Տիոքովիչ, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 10,265 կէտ:
Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (10,265 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ անգլիացի Էնտի Միւրէյ (8480 կէտ):
CATEGORIES Մարզական