Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ազգային Խումբերը Կը Պատրաստուին Աշխարհի Ախոյեանութիւններուն
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի դահուկարշաւի ազգային խումբերը կը պատրաստուին յառաջիկայ 11-18 փետրուարին Աւստրիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ 19-28 փետրուարին Քանատայի մէջ կայանալիք կրտսերներու աշխարհի ախոյեանութեան:
Լիբանանցի մարզիկներուն ֆիզիքականը լաւապէս պատրաստելու համար` ֆետերասիոնը Փորթեմիլիօ (Քասլիք) ակումբին մէջ աշխատանք կը տանի, որպէսզի ազգային խումբին մարզիկները վերոնշեալ ախոյեանութիւններուն լաւ արդիւնք ձեռք ձգեն:
CATEGORIES Մարզական