Դահուկարշաւ. Սերկէյ Միքայէլեան Հայաստանի Համար Արձանագրեց Անոր Լաւագոյն Արդիւնքը
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դահուկարշաւի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերկէյ Միքայէլեան գրաւեց դասաւորման 16-րդ դիրքը:
Հայկական աղբիւրը շարունակելով կ՛աւելցնէ, որ Միքայէլեան առաջին հանդիսացած ռուս ներկայացուցիչէն` Սերկէյ Ուստիաքովէն ետ մնացած է միայն 2″ 05-ով: Վերջինս արձանագրած է 35″ 44 արդիւնք մը:
Ասիկա նկատի ունենալով` այսպիսով, 1992-ի ծնունդ Միքայէլեան Հայաստանի դահուկարշաւի պատմութեան մէջ յաջողեցաւ արձանագրել երկրին լաւագոյն արդիւնքը:
Նշենք, որ դահուկարշաւի ազատ ոճի այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 84 մարզիկներ:
CATEGORIES Մարզական

