Ըմբշամարտ. Էդուարդ Բարսեղեան` Լեհաստանի Բաժակակիր
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Լեհաստանի Ռացիպորց քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է այդ երկրին ըմբշամարտի բաժակի մրցաշարքը:
60 քկ դասակարգին մէջ յաղթական հռչակուած է եւ բնականաբար բաժակակիր դարձած հայրենի ըմբիշ Էդուարդ Բարսեղեան, որ վերջին տարիներուն հանդէս կու գայ Լեհաստանի հաւաքականին հետ:
CATEGORIES Մարզական