ՍԷՈՒՏՑԻ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ԵԼԼԵԼՈՒ ԻՍԼԱՄ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿՈՉԵՐԸ

Սէուտցի կրօնաւորներ եւ քարոզիչներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեցին, որ իսլամ կրօնաւորին պարտաւորութիւնն է հեռու մնալ սադրանքներ հրահրելէ եւ արաբական կարգ մը պետութիւններու մէջ իրադարձութիւններուն առնչութեամբ կացութիւնը հանդարտեցնել` փոխանակ քաղաքացիները աւելի գրգռող խօսքեր արտասանելու:

Անոնք յայտնեցին, որ համաձայն չեն Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ դոկտ. Եուսեֆ Քարտաուիի եւ Սէուտցի բարձրաստիճան կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Սալեհ Լահէյտանի կեցուածքներուն: Քարտաուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ամբաստանած էր այն բանին համար, որ իր յարանուանութեան եւ շրջապատին գերին ըլլալով ներկայ վարմունքը ունի, որովհետեւ իր ժողովուրդը սիւննի է, իսկ Լահէյտանի Ասատը որակած էր « անհաւատ պաասական», եւ կոչ ուղղած էր ալեւիականութիւնը սրբազան պատերազմի ճամբով տապալելու:

Սէուտցի կրօնաւորներու եւ քարոզիչներու կարծիքով, այդպիսի յայտարարութիւնները կացութիւնը աւելի կը հրահրեն, ամէնուրեք իսլամներու շահերուն չեն ծառայեր եւ յաւելեալ արիւնահեղութեան պատճառ կրնան դառնալ:

Share this Article
CATEGORIES