ԸՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ. ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԵՂՍԱԿԻՑ 1083 ԱՆՁԵՐ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԵՂԱԾ ԵՆ

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ մինչեւ օրս խռովարարութեանց մեղսակից տարբեր նահանգներէ 1083 անձեր անձնատուր եղած են, ապա խոստանալէ ետք, թէ երկրի եւ քաղաքացիներու ապահովութեան վնասող որեւէ արարք պիտի չկրկնեն, անմիջապէս ազատ արձակուած են:

Նշենք, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք մոլորելով մասնակցած կամ կատարած են արարքներ, որոնք ըստ օրէնքի պատժելի են, ինչպէս` զէնք կրել կամ ապահովութիւնը խախտել կամ կեղծ վկայութիւններ տալ, կրնան մինչեւ 25 մայիս ճշդուած պայմանաժամէն օգտուելով անձնատուր ըլլալով, խռովարարներու եւ զէնքի թաքստոցներուն մասին վկայութիւններ տալով փրկուիլ պատիժէն, արդարադատական հետեւանքներէ եւ հետապնդումէ:

Միւս կողմէ, ըստ լիբանանեան «Էյ.Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական Պանիաս քաղաքին մէջ ձերբակալուած են «Պանիասի իշխանութեան» իշխան Անաս Այրութ եւ «իշխանութեան» պաշտպանութեան նախարար Մուսթաֆա Եասին, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութենէն սպաներ: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Սսատ կիրակի գիշեր Լաթաքիա նահանգի քաղաքացիներու պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին վստահեցուցած է, որ Սուրիոյ տագնապը պիտի շրջանցուի եւ վերջ գտնէ, իսկ բարեփոխումները ընթացքին մէջ են :

Արաբական դիւանագիտական շրջանակներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Ռիատ սուրիական վարչակարգէն չէ հրաժարած, ուստի անոր տապալումին վրայ գրաւ չի դներ: Դամասկոսի մէջ Եգիպտոսի նախկին դեսպան Մուսթաֆա Ապտել Ազիզ իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ սուրիական վարչակարգը իսկական բարեփոխում մը կատարելու առիթը փախցուց:

Share this Article
CATEGORIES