Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստին ընթացքին ընտրական օրինագիծերուն քննարկումը անիմաստ է եւ ժամանակի կորուստ:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութեան փոփոխութիւնը անխուսափելի է, եթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն չգոյացնէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ ամբողջ երկրին յարմար է եւ ոչ թէ քաղաքական այս կամ այն ուժին շահերուն կը համապատասխանէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը պիտի սանձէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ փորձ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ անկախ Մուսթաքպալ հոսանքի յայտարարած պոյքոթէն, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը պիտի շարունակէ կառչած մնալ իր ընտրանքներուն:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ երեսփոխաններ դէմ են Ֆրանսայի մէջ բանտարկուած լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակման եւ անոնք կը հաստատեն, որ զայն ցկեանս բանտարկուած պէտք է պահել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կուսակցութեան պատասխանատուներուն յայտնած է, որ ինք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Մուսթաքպալ հոսանքին հետ պիտի դաշնակցի:

ԿԸ նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարէ ընտրական օրինագիծի մը մասին Մուսթաքպալ հոսանքին պատկերացումը:

ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼ մէջ Աստուածածինի եւ Մար Էլիասի արձաններ երէկ քանդուած գտնուեցան: Աւելի ուշ, ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ կրցած են ձերբակալել Սին Էլ Ֆիլի մէջ Աստուածածինի եւ Մար Էլիասի արձանները քանդողը, որ Մաժտալ Այնճարի շրջանէն է եւ կը կոչուի Ահմետ Խաթիպ: Հարցաքննութեան ընթացքին պարզուած է, թէ ան գինով վիճակի մէջ քանդած է զոյգ արձանները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրինագիծ մը, որ քրիստոնեաներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը շարունակէ խուսանաւումներ կատարել` պահպանելու համար 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի յայտարարէ նոր նախաձեռնութիւն մը, որ հիմնուած է Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ միջազգային հաստատութիւնները չեն կրնար Լիբանանը առանձին ձգել` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը դիմագրաւելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ կան ազգային ընդհանուր շահեր` երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու առումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող իսլամ արգելափակեալներուն դատավարութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի առաջադրէ ընտրական օրինագիծ մը, որուն մէջ նկատի պիտի առնուի քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ Փարիզի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններու տագնապէն դուրս գալու միջոցները:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի ղեկավարներուն հետ ֆրանսական իշխանութիւններուն ունեցած հանդիպումները պիտի ներառեն նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք լիբանանցիները պիտի չխաբէ` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնները սկսած է նախապատրաստել 1960-ի օրէնքին համաձայն:

ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական առումով երբեք պիտի չբարգաւաճի, այնքան ատեն որ երկրին պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը Իրանի ձեռքն է:

 

Share this Article
CATEGORIES