Մուսթաքպալի Պլոքը Կը Հաստատէ Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստը Պոյքոթի Ենթարկելու Իր Կեցուածքը

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ պլոքը խորհրդարանին մէջ գումարուելիք միացեալ յանձնախումբերուն այսօրուան նիստը պոյքոթի պիտի ենթարկէ` մեկնելով այն սկզբունքէն, որ ինք պոյքոթի պիտի ենթարկէ քաղաքական թէ խորհրդարանական որեւէ գործունէութեան, որ ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան:

Հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Խալետ Զահրաման, որ յայտնեց, թէ Մուսթաքպալ պլոքը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութեան եւ դէմ է ընտրութիւնները յետաձգելու քայլին, որպէսզի Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտի:

Զահրաման յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ ընտրական օրինագիծի մը մասին Մուսթաքպալ պլոքին պատկերացումները պիտի յայտարարէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի` վաղը երեկոյեան:

Share this Article
CATEGORIES