Զօր. Քահուաժի Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարը

Զօրավարներ Սերրա եւ Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց սահմանային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան հեռանկարները:

Զօր. Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Խուրիի հետ, քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Եարզէի այցելեց նաեւ Թրիփոլիի շէյխերու մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան Թրիփոլիի վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար քաղաքին ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )