Հարիրի-Ժոմպլաթ Հանդիպում
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի եւ Ժոմպլաթ շեշտեցին, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնը, որովհետեւ անոնք են, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը` ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Հարիրի եւ Ժոմպլաթ քննարկեցին նաեւ շարք մը ընտրական օրինագիծեր եւ անոնց նկատմամբ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն կեցուածքները:
Հանդիպումին աւարտին որոշուեցաւ խորհրդակցութիւնները շարունակել` ծառայելու համար լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի շահերուն: