Ժեմայէլ Այսօր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Հոլլանտի Հետ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:
Միւֆթի Շաարի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է փաստէ իր կարողութիւնը` իր քաղաքացիներն ու ղեկավարները պաշտպանելու առումով:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անմիջական ծրագիր մը մշակել` Թրիփոլին ապազինելու նպատակով:
CATEGORIES Լիբանանեան