Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Թունուզի Փոխադրութեան Միջոցներու Նախարարը

Լիբանանեան – թունուզեան միացեալ հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թունուզի փոխադրութեան միջոցներու նախարար Քարիմ Հարունին եւ անոր ընկերակցող թունուզեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Հարունիի լիբանանցի պաշտօնակիցին` Ղազի Արիտիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Հարունի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի փոխանցած է Թունուզի վարչապետին անկեղծ մաղթանքներն ու ողջոյնները` աւելցնելով, որ Թունուզ յանձնառու է, որ Լիբանանեան-թունուզեան գերագոյն յանձնախումբը գումարէ իր անդրանիկ նիստը:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան եւ Թունուզ կը բաժնեն բազմաթիւ հասարակ յայտարարներ` նշելով, որ Լիբանան յաղթանակ արձանագրած է Դիմադրութեան առումով, իսկ Թունուզ յաղթանակ արձանագրած է յեղափոխութեամբ, եւ երկու երկիրները բաց են այլ երկիրներու:

Հարունի ուրախութիւն յայտնեց, որ 15 տարիէ ի վեր ինք առաջին թունուզցի նախարարն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )