«Ընտրական Օրէնքը Խորհրդարանի Համախոհութեան Կարիք Չունի, Իսկ Ոմանց Պոյքոթը Պիտի Չկասեցնէ Անոր Վաւերացումը» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Համախմբումին նիստէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք իսկապէս թաղած են 1960-ի ընտրական օրէնքը, որուն շուրջ մեծ բանավէճեր արձանագրուած են` սկսեալ անոր հակասահմանադրական ըլլալու իրականութենէն:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կրօնական եւ յարանուանական լարուածութիւններ չի հրահրեր` աւելցնելով, որ եթէ ընտրութիւնները այդ օրէնքին հիման վրայ կատարուին, ապա մրցակցութիւնը իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ մարոնիներուն կամ յոյն ուղղափառ համայնքի թեկնածուներուն միջեւ պիտի ըլլայ, այլ նոյն յարանուանութեան պատկանող թեկնածուներուն միջեւ:

Զօր. Աուն մաղթեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը այսօր իրենց աշխատանքին սկսին: Ան նշեց, որ ընտրական օրէնքը վաւերացնելու համար համախոհութեան կարիք չկայ` աւելցնելով, որ ոմանց կողմէ այսօրուան նիստը պոյքոթի ենթարկելը չի կրնար կասեցնել այդ օրէնքին վաւերացումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )