Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Վաւերացուց Իր Նիստերուն Ատենագրութիւնը Եւ Զայն Յղեց Նեպիհ Պըրրիի

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց իր նախորդ նիստերուն ատենագրութիւնը, որ աւելի ուշ ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի կողմէ փոխանցուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Ղանեմի փափաքով երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Ահմետ Ֆաթֆաթ, որոնց միջեւ ենթայանձնախումբի վերջին նիստին արձանագրուած էր բանավէճ մը, հաշտուեցան:

Ղանեմ նիստին աւարտին յայտնեց, որ ընտրական ենթայանձնախումբին այս նիստը ձեւով մը սրտերու լուացումի նիստ մը եղած է` աւելցնելով, որ Պըրրիի փոխանցելիք իրենց ատենագրութիւնն է, որ պիտի ներկայացուի այսօր գումարուելիք խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին ընթացքին:

Ղանեմի կատարած յայտարարութենէն ետք խօսք առաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, որ նշեց, թէ կուսակցութիւնը առաջարկած է 15 օրով երկարաձգել խորհրդարանական ենթայանձնախումբին կեանքը, որպէսզի ան շարունակէ քննարկել միայն ընտրական խառն օրինագիծը:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նիստէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ ողջունեց հանրապետութեան միւֆթիին կողմէ քաղաքացիական ամուսնութեան համաձայն գտնուող իսլամ պատասխանատուները հաւատափոխ նկատելու կրօնական հրահանգը` աւելցնելով, որ ներկայիս երբեք յարմար ժամանակը չէ քաղաքացիական ամուսնութեան հարցը քննարկելու:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ տրուած կրօնական հրահանգը քաղաքացիական պետութեան դէմ յարձակում է, ինչպէս նաեւ կը կաշկանդէ լիբանանցի քաղաքացիին ազատութիւնն ու իր համոզումներով ապրելու իրաւունքը:

Առաւօտեան նիստէն ետք Ռոպեր Ղանեմ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր Պըրրիի յանձնեց ենթայանձնախումբին վաւերացուցած ատենագրութիւնը:

Այն Թինէի Մէջ

Այն Թինէի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Ղանեմի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը անհրաժեշտ նկատած է, որ քաղաքական բոլոր կողմերը շարունակեն քննարկումները` բոլորը գոհացնող ընտրական օրէնքի մը յանգելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )