ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ` ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Մալթայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան Բ. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, թէեւ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վրաստանի հետ, սակայն գրաւեց պարագլուխի դիրքը` ապահովելէ ետք մրցաշարքի իր չորրորդ կէտը: Իր կատարած առաջին մրցումին, հայրենի կազմը 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Ֆարօ Կղզիներուն:
Զտումի իր երրորդ մրցումին (8 մարտ), Հայաստան պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Մալթայի դէմ:
Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Հայաստան պիտի շարունակէ Եւրոպայի 2013-ի ախոյեանութիւնը` նկատի ունենալով, որ միայն իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւողները կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:
Նշենք, որ երկրորդ ճակատումին Ֆարօ Կղզիները 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Մալթան:
Ստորեւ կու տանք դասաւորումը.
Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1 1 0 1 0 4
2.- Ֆարօ Կղզիներ 1 0 1 2 1 3
3.- Մալթա 1 0 1 1 2 3
4.- Վրաստան 0 1 1 0 1 1