ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ – ՊԵԺԺԷ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 7 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Պեժժէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:

Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի խմբային խաղարկութիւն կիրարկելով ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել:

ՀՄԸՄ-ի արձանագրելիք այս յաղթանակին մէջ իրենց բաժինը կրնան ունենալ ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք ուղղուելով Ղազիրի դաշտ` պէտք է քաջալերեն իրենց կազմը:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS