ԹՈՒՐՔ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ ժամանակ առ ժամանակ լուրեր կը տարածուին պետութեան կարեւոր դէմքերու հայկական կամ հրէական ծագում ունենալուն մասին: Ըստ թերթին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ, ոեւէ պաշտօնեայ քաջութիւնը չէ ունեցած յայտարարելու, թէ ինք հայ է:
«Օրինակ, անցեալ տարի գիրք հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի` մօր կողմէն հայկական արմատներ ունենալուն մասին: Գիրք հրապարակուեցաւ նաեւ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի` հրէական ծագում ունենալուն մասին: Վերջերս ընթերցողներուն մատուցուեցաւ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի մասին «Տէրսիմցի հայուհի Եմուշի որդի ճարտարագէտ Քեմալը» խորագրեալ գիրքը», կը գրէ թերթը:
CATEGORIES Հայկական

