ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եան Ճիեչիի 16-17 փետրուար Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնն ու այդտեղ ծաղկեպսակ զետեղումը անհանգստացուցած է Թուրքիան:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Ճիեչիի Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան առնչութեամբ որոշ բացատրութիւններ ստանալու համար հեռաձայնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր գործակալութեան տեղեկացուցած են, որ «նախարարը իր այցելութեան ընթացքին բարեկամական հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի ղեկավարներուն հետ»:

Պատասխանելով «Անատոլու»ի այն հարցումին, թէ «նախարար Ճիեչին երեւանեան այցելութեան ընթացքին այցելած է 1915-ի դէպքերու առնչութեամբ կառուցուած յուշակոթող: Արդեօք ատիկա չի՞ նշանակեր, որ Չինաստանը հարցին առնչութեամբ փոխած է իր դիրքորոշումը», Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակի ներկայացուցիչը յայտարարած է. «Ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ Թուրքիան Չինաստանի բարեկամ երկիրն է: Չինաստանը կը գիտակցի, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական խնդիրներ եւ երկու երկիրներու` այդ հարցերուն առնչութեամբ ունեցած դիրքորոշումները արժանի են ուշադրութեան® Չինաստանը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այդ հարցերուն»:

Փեքինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Էսենլի «Անատոլու»ի յայտնած է, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը ցեղասպանութեան յուշակոթող այցելած է հայաստանցի պաշտօնատարներու պնդումով, իսկ հայկական որոշ լրատուամիջոցներ ատիկա մեկնաբանած են այնպէս, ինչպէս իրենց ձեռնտու է:

Թուրքիոյ դեսպանը նշած է, որ հարցին առնչութեամբ իրենք դիմած են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ստացուած պատասխանը կը վկայէ, որ Փեքին «1915-ի իրադարձութիւններուն» առնչութեամբ իր դիրքորոշումը չէ փոխած:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS