Հայաստանի Մէջ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ակադեմիա Հիմնելու Մասին Յուշագիր Ստորագրուեցաւ

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա երէկ ստորագրեցին «Հայաստանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր ակադեմիա հիմնադրելու մասին» յուշագիրը:

Յուշագիրի ստորագրման նախորդած էր Ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջգերատեսչական յանձնախումբի եւ անոր կից Գործարար խորհուրդի հայ-ռուսական ազգային մասերու միացեալ նիստ, որուն ժամանակ ստորագրուած է նիստի արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւն: Քննարկուած են Հայաստան-Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն համագործակցութեան ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկներու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ ռազմատնտեսական եւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )