50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 2013)
Ազգային Կեանքը Քուէյթի Մէջ
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Գրած էինք, թէ Քուէյթի Հայ նորընտիր Ազգային վարչութիւնը ձեռնարկած է նոր գործի` գաղութը կազմակերպելու եւ առիթներ ստեղծելու, որպէսզի հայութիւնը խմբուի Ազգային վարժարանին շուրջ (քանի որ եկեղեցի չունինք տակաւին): Եւ այս` զանոնք աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար համայնքը հետաքրքրող բոլոր հարցերուն, եւ մանաւանդ բոլորին գուրգուրանքին առարկայ դպրոցին բարոյական եւ տնտեսական կացութեան:
Դեկտեմբեր 17-ին, հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, դպրոցի ընդարձակ ճաշասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողական առաջին հաւաքոյթը, որուն ընթացքին դպրոցի տնօրէն Պարոյր քհնյ. Սարգիսեանի զեկուցումն ու մանկապարտէզի համար շինուած յատուկ զբօսանքի առարկաները (նուէր` Ազգային վարչութեան ատենապետ Ե. Պարսումեանէն) բոլորին գնահատանքին արժանացան: Ծնողական առաջին ժողովին թէեւ մեծ թիւով ծնողներ չէին կրցած ներկայանալ, սակայն շատեր իրենց բացակայութեան արդարացուցիչ պատճառներ տուած են` խոստանալով յաջորդին անպայման գտնուիլ:
Անցնող ամսուան ընթացքին Լիբանանի Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շաւարշ Թորիկեան (որ ներկայիս Քուէյթ կը գտնուի պետական խորհրդատուի բարձր պաշտօնով) այցելեց Ազգային վարժարան` ընկերակցութեամբ հոգաբարձութեան ատենադպիր Գաբրիէլ Թասլաքեանի եւ Վարդան Սողոմոնեանի: Շաւարշ Թորիկեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ դպրոցական բոլոր հարցերով, ի մասնաւորի` կրթական մարզէն ներս տարուած աշխատանքներով: Առ այդ, իր թելադրանքները եւս ըրաւ` դպրոցը բարձրացնելու մանկավարժական արդի տուեալներով:
Ազգային վարչութիւն, դպրոցի հոգաբարձութիւն եւ տիկնանց յանձնախումբ ժրաջան աշխատանքի լծուած են` իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած Ազգային վարժարանի վերելքին ու պայծառացման: Վերոյիշեալ մարմիններուն առաջին մտահոգութիւնը եղած է դպրոցին նիւթական վիճակը բարելաւել, որովհետեւ ինչ որ կը գանձուի աշակերտներէն, իբրեւ թոշակ, հազիւ եղած ծախսերուն կէսը կրնայ հոգալ: Այս ուղղութեամբ վերոյիշեալ մարմինները գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առթիւ խրախճանքի երեկոյթ եւ հայկական հանդիպում մը կազմակերպելու, 3 յունուար 1963:
Տեղական իշխանութիւններու գիտակցութեամբ, սոյն հայկական հանդիպումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 յունուար 1963-ի Ազգային վարժարանի բակին մէջ: Երեկոյթին կը նախագահէր Քուէյթի հայոց հոգեւոր հովիւ Պարոյր քհնյ. Սարգիսեան: Երեկոյթը բացուած յայտարարուեցաւ ժամը 9:00-ին, Պարոյր քհնյ. Սարգիսեանի աղօթքով, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Երուանդ Պարսումեան` բարիգալուստ մաղթելով բոլորին, ինչպէս նաեւ` ներողութիւն խնդրելով ներկաներէն, որոնց տեղերը նեղցուեցան խուժող բազմութեան բոլորին տեղ յարմարցնելու մտահոգութեամբ: Հակառակ անոր որ դպրոցին ընդարձակ բակին կէսը ծածկուած էր Ե. Պարսումեանի կողմէ տրամադրուած վրաններով, շատ մը հայրենակիցներ ստիպուած մեկնեցան տեղի չգոյութեան պատճառով:
Ե. Պարսումեան հակիրճ խօսքերով պարզեց դպրոցին վիճակը եւ ամփոփ զեկուցում մը ըրաւ տարուած աշխատանքներուն մասին` թէ՛ դպրոցի համար եւ թէ՛ եկեղեցւոյ: Հոս պէտք է նշել, որ ցարդ եկեղեցւոյ համար տարուած աշխատանքները ոչ մէկ արդիւնքի յանգած են, քանի որ հայ համայնքը եկեղեցի ունենալու արտօնութիւնը ունի, սակայն միջոցները կը պակսին սեփականատէրերը դառնալու հոգի մը: Ե. Պարսումեանի խօսքէն ետք խրախճանքը բացուած յայտարարուեցաւ: Ներկաները իրենք իրենց սպասարկեցին: Կէս ժամուան մէջ շատ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Կարելի է ըսել, թէ քուէյթահայութեան երեւելի դէմքերուն 90 առ հարիւրը ներկայ գտնուեցաւ սոյն երեկոյթին: Տեղւոյն վրայ պատրաստուած հայկական յայտագիրը` երգ ու նուագ, բոլորին տրամադրութիւնները բարձրացուց Վ. Տիշոյեանի ջութակը եւ Կ. Աւագեանի կիթառը եկան երեկոյթին փայլը աւելցնելու: Ինքնաբուխ հայկական պարեր ալ եղան մէջ ընդ մէջ մինչեւ գիշերուան ժամը 1:00-ը, երբ վիճակահանութեան համար տոմսեր սկսան ծախուիլ: Կէս ժամուան մէջ բոլոր տոմսերն ալ սպառեցան: Կային մեծ պարգեւներ, նուիրուած` ազգայիններու կողմէ: Յովսէփ Քէօսէեանէ (նոր խանութի բացման առթիւ) զոյգ մը կնկայ կօշիկ եւ պայուսակ մը` նոյն գոյնով: Ժաք Արթինեանէ (սթիւտիօ Ժաք) մեծադիր նկար մը եւ 6 այլ նկարներ: Սոֆիկ Մելիտոնեանէ` սեղանի զարդ մը ու զանազան նուէրներ: Ըստ կարգի մեծ պարգեւներով բախտաւորուեցան` Յ. Բալեան, Ժ. Ճենանեան, Վ. Պաղտասարեան, Ս. Դաւիթեան, Ա. Բրուտեան, Հ. Տէրղութեան, Ս. Ազատեան եւ Յ. Թորիկեան: Նուիրաբաշխութիւնը ուրախ մթնոլորտը բարձրացուց իր գագաթնակէտին. այնպէս որ, ժամերը սահեցան մինչեւ առաւօտեան ժամը 3:00 անզգալաբար: Բոլորը մեկնեցան լաւ տրամադրութիւններով` խնդրելով կազմակերպիչներէն, որ յաճախ նման առիթներ ստեղծեն:
Ազգային վարչութիւնը իր այս ձեռնարկին համար գնահատելի է:
Գնահատանքի խօսք ունինք նաեւ հոգաբարձութեան անդամներուն ու մանաւանդ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամուհիներուն, մասնաւորաբար` ատենապետուհի Սոնա Սողոմոնեանին, որոնք օրեր շարունակ իրենց տունն ու հանգիստը թողած` աշխատեցան պատրաստել հայկական համեղ ուտելիքները, որոնք խլուեցան ձեռքէ ձեռք, բոլորին գնահատանքին արժանանալով:
Կազմակերպիչներէն կը խնդրուի յաջորդիւ աւելի երկար ժամանակ տալ իրենց պատրաստութիւնները տեսնելու եւ կարելի եղածին չափ բոլոր հայերու տեղ պատրաստելու ու զանոնք չզրկելու այսքան գեղեցիկ եւ հարազատ հայկական ձեռնարկներէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ

