Հայաստան – Լիւքսամպուրկ Մրցումը Ուղղակիօրէն Պիտի Չպատկերասփռուի «Արմենիա» Պատկերասփիւռի Կայանէն

Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 5 փետրուարին, ֆրանսական Վալանս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան – Լիւքսամպուրկ ֆութպոլի բարեկամական մրցումը ուղղակիօրէն պիտի չպատկերասփռուի «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանէն:

Այս մասին յայտնած է «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին պատասխանատուներէն Մարիանա Քարտաշեան:

Անիկա ոչ միայն ուղղակիօրէն պիտի չպատկերասփռուի, այլ նոյնիսկ վիտէոյի ալ պիտի չարձանագրուի` յաջորդ օրը ցուցադրուելու համար:

Ըստ երեւոյթին, բարեկամական մրցում մը նկարահանելու համար «Արմենիա» չ՛ուզեր այդքան մեծ գումարներ ծախսել` մեկնելով Ֆրանսա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES