Էն. Պի. Էյ. Նեթց Յաղթեց Մեճիքի

Մեճիք մրցումէն

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն իր կրած յաջորդական պարտութիւններէն ետք, Պրուքլին Նեթց յաղթանակ արձանագրեց` 97-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Օրլանտօ Մեճիքը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տերըն Ուիլիըմզ նշանակեց 20 կէտ եւ 9 էսիսթ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 114-102
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 103-100
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 96-94
Պրուքլին Նեթց – Օրլանտօ Մեճիք 97-77
Շիքակօ Պուլզ – Շարլոթ Հոռնեթց 93-85
Տենվըր Նակեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 102-101
Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ 125-80

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ

 

Share this Article
CATEGORIES