Պեքհամ Փորձեր Կը Կատարէ Արսենալի Հետ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Տէյվիտ Պեքհամ լոնտոնեան կազմին հետ փորձեր կը կատարէ` իր կազմուածքը չկորսնցնելու համար:

Նշենք, որ 37 տարեկան Պեքհամ այժմ ազատ մարզիկ դարձած է` նախորդ դեկտեմբերին «Մէյճըր լիկ»-ի (Միացեալ Նահանգներ) կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսին լքելէն ետք:

«Ան փափաք յայտնեց մեզի հետ փորձերու մասնակցիլ` իր կազմուածքը չկորսնցնելու եւ ֆիզիքապէս լաւ վիճակի մէջ ըլլալու համար միայն: Տարաձայնութիւնները իրական չեն, որ ան պիտի միանայ Արսենալի», ըսաւ Արսեն Վենկեր:

Ըստ անգլիական մամուլին, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիկը կրնայ ըլլալ, որ փոխանցուի կա՛մ Փարիզ Սեն Ժերմենի, կա՛մ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի եւ կա՛մ Ուեսթ Համ Եունայթըտի:

 

Share this Article
CATEGORIES