Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն (Ֆայնըլ-Ֆոր). Սատաքա Եւս 1-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ
Երէկ` երեքշաբթի, 29 յունուարին, սկսան Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները, երբ տեղի ունեցաւ Սատաքա – «Էյ. Եու. Սի. Ի.» առաջին մրցումը` առաջինին դաշտին վրայ:
Սատաքա եւս առանց դժուարութեան 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ իր մրցակիցին վրայ` արձանագրելով 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն իրաքցի Մարուան Զորօ հեթրիք մը իրագործեց:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 31 յունուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, այսօր` չորեքշաբթի, Պրուս Քաֆէ կը մրցի Սեն Ժոզեֆի դէմ, Էմիլ Լահուտ համալիրին մէջ, ժամը 21:00-ին:
Նշենք, որ Սեն Ժոզեֆ, այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ, 6-0 արդիւնքով իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ:
CATEGORIES Մարզական

