«Ուրախ Եմ, Որ Դաւիթ Նալպանտեանը Դարձեալ Հաւաքականին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Խուան Մոնաքօ
Յառաջիկայ 1-3 փետրուարին Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Արժանթին պիտի հիւրընկալէ Գերմանիան:
Կարգ մը մարզիկներ, անդրադառնալով այս մրցումին, տուած են իրենց կարծիքը:
Նկատի ունենալով, որ Արժանթինի թիւ 1 դասուած մարզիկ Խուան Մարթին Տել Փոթրօ հրաժարեցաւ մաս կազմել հաւաքականին, այժմ թիւ 1 մարզիկն է Խուան Մոնաքօ:
Մոնաքօ ըսաւ. «Թէեւ այս հանդիպումը քիչ մը ծանր պիտի ըլլայ մեզի համար, սակայն շատ ուրախ եմ, որ Դաւիթ Նալպանտեան դարձեալ հաւաքականին մէջ է: Անոր հետ միասին կը կարծեմ, որ կրնանք յաղթահարել դժուարութիւնները:
Նշենք, որ փետրուար 2012-ին Արժանթին 4-1 արդիւնքով յաղթած էր Գերմանիոյ:
CATEGORIES Մարզական

