Ժիւտօ. Հայրենի Մարզիկները Պիտի Մասնակցին Թիֆլիսի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպայի Ախոյեանութեան
Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 2-3 փետրուարին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ժիւտոյի բաց ախոյեանութեան, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Բաբայեան ըսած է. «Երբ 31 յունուարին Ծաղկաձորի մէջ մեր հաւաքը աւարտի, արդէն իսկ 1 փետրուարին պիտի մեկնինք Թիֆլիս` Վրաստան: Վիրաւոր ըլլալով` կազմէն դուրս են Արտեոմ Բաղդասարեան, Գոռ Յարութիւնեան եւ Սուրիկ Գառնիկեան: Սակայն մնացեալները, լաւ մարզավիճակի մէջ ըլլալով, յոյսով եմ, որ պիտի արձանագրեն տպաւորիչ արդիւնքներ»:
CATEGORIES Մարզական

