Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Խումբը Այսօր Կը Սկսի Իր Փորձերուն
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` չորեքշաբթի, 30 յունուարին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) կը սկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան լոյսին տակ խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան, ապա` աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7-9 փետրուարին` Թեհրանի մէջ (Իրան):
CATEGORIES Մարզական

