Ըստ «Ֆրանս Ֆութպոլ»-ի Քաթար 2022-ի Մոնտիալը Հիւրընկալելու Իր Թեկնածութիւնը Յաջողցուցած Է… Կաշառքով
Իրենց հրապարակած լուրը քաղելով ֆրանսական «Ֆրանս ֆութպոլ» պարբերաթերթէն` հայկական լրատու աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Քաթար կաշառած է ՖԻՖԱ-ն, որպէսզի յաջողցնէ 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու իր առաջադրած թեկնածութիւնը:
Այդ պարբերաթերթին կատարած հետաքննութեան արդիւնքին եւ ձեռք բերուած փաստերուն հիման վրայ պարզուած է, որ Քաթար կաշառած է ՖԻՖԱ-ի գործադիր կոմիտէին պատասխանատուները:
Անիկա կը պատրաստուի որոշ փաստաթուղթեր ներկայացնել ՖԻՖԱ-ին` լրացուցիչ հետաքննութիւն կատարելու համար:
Անձ մը, որ փափաքած է գաղտնի պահել իր անունը, բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է այդ մասին` ըսելով, որ բառին բուն իմաստով Քաթար գնած է այդ թեկնածութիւնը… կաշառքով:
Նշենք, որ Քաթարէն բացի 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին Աւստրալիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն:

