Պասքեթպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Հաւաքականը Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը
Լիբանանեան-Ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքին առաջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի հաւաքականը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 61-28 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաժես Պրազիլիան: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 20-9, 15-8, 10-6 եւ 16-5:
Հակառակ անոր որ ԼԵՎԱՄ-ի հաւաքականը ունէր բացակայ մարզիկներ (քննութիւններու պատճառով), սակայն խումբին մնացեալ մարզիկները իրենց կեդրոնացած խաղարկութեան շնորհիւ յաջողեցան յաղթական դուրս գալ այս մրցումէն:
Քառորդ աւարտականին ԼԵՎԱՄ-ի հաւաքականը հինգշաբթի, 31 յունուարին, յետմիջօրէին ժամը 4:30-ին, կը մրցի Լաթինէ տը Պէյրութին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբ
CATEGORIES Մարզական

