ԺՈՄՊԼԱԹ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ հրապարակած իր շաբաթական յօդուածին մէջ նշեց, որ պէտք է այլեւս ըսել, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը եւ Ազգային պայքարի ճակատը չեն կրնար շարունակել այս ընթացքը եւ տեղքայլի մէջ մնալ` կառավարութեան կազմութեան առումով:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նոր մեծամասնութիւնը Նեժիպ Միքաթին նշանակած է վարչապետ եւ ան իր կարգին ընդառաջած է այդ մեծամասնութեան առաջադրած քաղաքական մեծաթիւ պահանջներուն, սակայն կարելի չէ մնայուն կերպով խոչընդոտներ պարտադրել, երբ քաղաքական եւ տնտեսական պայմանները կը հալածեն եւ կը շրջափակեն քաղաքացիները:

Միւս կողմէ, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահը երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած տագնապը:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ լիբանանեան համերաշխութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով յառաջիկայ հինգշաբթի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողովը:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ լիբանանցիները համախոհութեամբ պէտք է զօրակցութիւն յայտնեն արաբ ժողովուրդին, յատկապէս` եգիպտացիներուն, որոնք ներկայիս զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւեն` հրահրուած դաւադրութիւններուն պատճառով:

Ժոմպլաթ ապահովական կայունութիւն եւ բարեկարգում մաղթեց նաեւ Սուրիոյ, որ իր կարգին զգայուն կացութեան մէջ կը գտնուի:

 

Share this Article
CATEGORIES