ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Քանատայի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած է յօդուած մը, որ կ՛ակնարկէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին երանացման եւ կոչ կ՛ուղղէ զայն իսկոյն սուրբ յայտարարելու:
– Քուրայի Պալամանտ համալսարանին մէջ յառաջիկայ երեքշաբթի, 17 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն մը` Թուրքիոյ եւ նոր իսլամականներուն մասին: Դասախօսն է Ժալալ Սատեք Ազամ:
– Անդրադարձ` Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր համալսարանի հայկական աւանդներու ակումբին կողմէ: Համալսարանի բակին մէջ լարուեցան չորս վրաններ, որոնցմէ երկուքը մարմնաւորեցին սպանդները, իսկ միւս երկուքը` հայոց վերածնունդը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
– Լուր մը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ քիւրտ երիտասարդներու սպանութեան:
«ԱՆՈՒԱՐ»
– Լրատուութիւն` Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ Մայիս 6-ի նահատակներուն 95-ամեակին առիթով Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Լիուա» եւ «Պայրաք» օրաթերթերը):