ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐԸ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎԻ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի օր, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Խորհրդարանական յանձնախումբերն են հետեւեալները. ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ազգային պաշտպանութեան, ներքին հարցերու, քաղաքապետութեանց եւ մարդկային իրաւունքներու:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ ընդունեց պետական գործավար նախարար Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ դրամատնային մարզերուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Քասսար հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արտաքին արգելքներ կան. ան շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ ատիկա կարեւոր է Լիբանանի տնտեսութեան եւ ներդրումային կացութեան փրկութեան համար:

Քասսար դիտել տուաւ նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը իր պաշտօնին վրայ պահելը կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի տնտեսական կայունութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES