ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏէ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Սլէյման` Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու հանդիպման գործադիր խորհուրդը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ծայրայեղութիւններուն դէմ դնելու յարմարագոյն միջոցը երկխօսութիւնն է ու համախոհութեան գոյացման անկեղծ կոչերը:

Նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց անմեղ քաղաքացիներուն դէմ գործուած սպանութիւններուն համար` ընդգծելով, որ պաշտամունքի վայրերը հաշտութեան վայրեր են եւ պէտք չէ բռնարարքներու ենթարկուին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով խորհրդակցութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES