«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑԷ» ՇԵՇՏԵՑ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներուն եւ շրջանին մէջ թրքական ներթափանցումին եւ այլ երկիրներու հարցերուն Թուրքիոյ միջամտութեան:

Պատասխանելով թրքական ֆիլմաշարերու սփռումին դէմ բողոքելու իր կեցուածքին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թրքական այդ ֆիլմաշարերը կը նկատուին օղակ մը` ամերիկեան եւ եւրոպական կանխամտածուած ծրագիրէն, որ կը միտի Թուրքիան` իբրեւ իսլամական չափաւորական երկիր թափանցել տալ Միջին Արեւելքի մէջ, հաւասարակշռելու համար իսլամական այլ երկրի մը` Իրանի դերակատարութիւնը:

«Թուրքիա, որ կը փորձէ ամբողջ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ խաղաղութեան, չափաւորականութեան եւ երկխօսութեան ժողովրդավարական նմուշ, տակաւին ինքն իր երկրին մէջ չէ կրցած իրագործել այդ բոլորը: Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքները յարգելու, ժողովուրդներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգելու առումով մեծ բացթողումներ կ՛արձանագրուին: Իսկ ես` իբրեւ լիբանանցի, կ՛ամչնամ, որ արաբական աշխարհին մէջ ֆիլմաշարեր արտադրելու աշխատանքը անտեսուած է, եւ այդ պատճառով ալ թրքական աւանդութիւններուն գովքը կը հիւսուի` գիտնալով հանդերձ, որ այդ աւանդութիւնները անբարոյութիւն, սպանութիւն եւ դասալքութիւն կը սորվեցնեն: Աւելի՛ն. ես կը փափաքիմ տեսնել լիբանանեան ֆիլմաշար մը, որուն մէջ մնայուն կերպով ցոյց տրուի այն տեսարանը, որուն մէջ հանրապետութեան նախագահին լուսանկարը երեւի` պատէն կախուած, որովհետեւ թրքական ֆիլմաշարերուն պարագային Քեմալ Աթաթուրքի լուսանկարը մնայուն ներկայութիւն է:

«Միւս կողմէ, թրքական ֆիլմաշարերը կը հետապնդեն նաեւ այլ նպատակ մը, որ հիմնականին մէջ առեւտրական եւ զբօսաշրջական խորք ունի, այդ պատճառով ալ կը կեդրոնանայ Թուրքիոյ տեսարժան վայրերը ցուցադրող տեսարաններուն վրայ` հարուածելով արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը: Այս բոլորը կը միտին Միջին Արեւելքի մէջ ընդունելու Թուրքիոյ դերակատարութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի խստիւ դատապարտեց նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հերոսացնելու երեւոյթը` ընդգծելով, որ այդ իրականութեան հիմնական պատճառը արաբ ղեկավարներուն բացակայութիւնն է եւ անտեսումը` արաբական իրաւունքներուն պաշտպանութեան:

«Արաբական դերակատարութեան բացակայութեամբ ստեղծուած բացն է, որ պատճառ կը դառնայ Թուրքիոյ հերոսացման` շրջանին մէջ անոր ունեցած հիմնական եւ տնտեսական դերակատարութեամբ: Թուրքիա բացայայտ կերպով հաստատած է, որ ինք նոր օսմանցիներուն դերակատարութիւնը կը շարունակէ` իրականացնելու համար օսմանեան մեծ երազը, որ 400 տարուան սովի, բռնութեան եւ սպանութեան ճամբով կարելի չեղաւ իրագործել: Իսկ այս օրերուս Լիբանանի մէջ Մայիս 6-ը` Նահատակաց տօնը մոռցուած է եւ ոչ ոք կ՛ուղղուի դէպի Նահատակաց յուշարձան` ծաղկեպսակ մը զետեղելու համար: Կարծէք ժողովուրդին մօտ այդ նահատակներուն յիշատակը մոռացութեան ենթարկելու միտում մը կայ, բայց եւ այնպէս պէտք է քաջ գիտնալ, որ իր առաջին նահատակներուն յիշատակը մոռցող ժողովուրդը, իր վերջին նահատակներն ալ կը մոռնայ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը խստիւ դատապարտեց նաեւ Թուրքիոյ միջամտութիւնները` շրջանի երկիրներուն հարցերուն` աւելցնելով, որ Թուրքիա տակաւին կը մնայ Իսրայէլի ռազմավարական եւ զինուորական դաշնակիցը, որուն հետ մնայուն կերպով կը շարունակուին ռազմափորձերը: Իսկ անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ յայտարարուած դրացի երկիրներուն հետ զերօ հարցերու քաղաքականութեան` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ մէկը կարելի չէ եղած գործադրել ո՛չ Կիպրոսի, ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ քիւրտերուն հետ: «Այս բոլորով հանդերձ զարմանալի է, որ Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կը խրատէ` բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութեամբ, երբ տակաւին ինք չէ կատարած այդ մէկը եւ ոչ ալ ընդունած քիւրտերը` իբրեւ այլ ազգի մը պատկանող փոքրամասնութիւն», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութենէն, որովհետեւ ան ոչ միայն հայերը, այլեւ արաբները սպանդի ենթարկեց, զանոնք կախաղան բարձրացուց եւ սովամահ դարձուց: «Հետեւաբար, Թուրքիոյ կողմէ կատարուելիք նուազագոյն նախաձեռնութիւնը ներում հայցելն է բոլոր ժողովուրդներէն, սկսեալ` հայերէն», նշեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ այսօրուան թուրքերը օսմանցիներուն շառաւիղներն են` իրենց իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մէջ, որովհետեւ անոնք են Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդները: «Իսկ օսմանցիներէն ետք հանրապետականները, Քեմալ Աթաթուրքի օրով շարունակեցին սպանդը մինչեւ 1924, ու տակաւին վերջերս անոնք Էրտողանի հրահանգով քանդեցին սահմանամերձ շրջանին վրայ գտնուող թուրք-հայկական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանը: Ուրեմն ի՞նչ բարեկամութեան մասին է խօսքը: Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք ներում հայցել եւ հատուցումներ կատարել` ճանչնալէ ետք հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը, ու անկէ ետք առիթ կը տրուի երկխօսութեան: Մենք գիտենք, որ Հայաստանը աշխարհագրական առումով Թուրքիոյ սահմանակից երկիր է եւ ապագային պէտք է յարաբերութիւններ ու գործակցութիւն ըլլայ, սակայն երկու ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան նախապայմանն է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներման հայցումը», շեշտեց Բագրատունի:

Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած տագնապին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ տագնապը միայն ներքին գործոց նախարարութեան հարցը չէ, այլեւ շարք այլ արգելքներ, որոնք կը խոչընդոտեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն կազմելու երկրին կառավարութիւնը եւ վերջ տալու շրջանային զարգացումներուն սպասելու քաղաքականութեան:

Ակնարկելով կառավարութեան մէջ հայ նախարարներու նշանակման հարցին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն է, որ ստանձնուելիք նախարարութեանց համապատասխան ատակ նախարարներու անունները պիտի առաջադրէ, յատկապէս երբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մերժած են կառավարութեան մաս կազմել:

Երեսփոխան Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ այսօր լիբանանեան ղեկավարութեանց միջեւ վստահութեան խնդիր կայ, սակայն ան եզրափակեց ըսելով, որ այս հանգրուանը կարելի է շրջանցել, եթէ նկատի ունենանք, որ այդ հարցին միակ լուծումը երկխօսութիւնն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES