ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

Յովիկ Մխիթարեան

5-7 մայիսին Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիական քաղաքական կուսակցութեանց միջազգային խորհրդաժողովը` նուիրուած բնական աղէտներու եւ կենսոլորտային պաշտպանութեան: Խորհրդաժողովը կը վայելէր Մալեզիոյ Ազգային միացեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը:

Խորհրդաժողովին մասնակցողներուն շարքին էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ խորհրդաժողովին ներկայացուց վերջին տարիներուն ասիական երկիրները հարուածած եւ այդ երկիրները վտանգող երաշտի, հրաբխային ժայթքումներու, երկրաշարժներու, հողային սահանքներու եւ ցունամիներու նման բազմաթիւ զոհեր պատճառած, տնտեսական եւ ընկերային կարգը խանգարող, ինչպէս նաեւ կենսոլորտային քանդումներ պատճառող բնական աղէտներուն պատճառած վնասներուն նուազեցման եւ հետեւանքներուն վերացման վերաբերեալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեսակէտները:

Խօսելով մարդկային աղէտներու մասին` Յովիկ Մխիթարեան յարգանքի տուրք մատուցեց վերջերս տեղի ունեցած աղէտներու զոհերուն յիշատակին եւ խորին ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց, որոնց կորսնցուցին իրենց ընտանիքները եւ բարեկամները:

«Մենք ասիկա անկեղծ կ՛ըսենք, որովհետեւ մենք` հայերս, այն ազգն ենք, որ ականատես դարձաւ 20-րդ դարուն մարդուն կողմէ ի գործ դրուած առաջին աղէտին` Հայոց ցեղասպանութեան, որ 1915-ին իրագործուեցաւ օսմանցի թուրքերուն կողմէ, որոնք ծրագրեցին հայ բնակչութեան բնաջնջումը եւ տեղահանումը: Քանի մը օր առաջ, Ապրիլ 24-ին, աշխարհատարած հայութիւնը ոգեկոչեց 96-ամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, որ խլեց 1,5 միլիոն հայոց կեանքը… եւ Թուրքիա տակաւին կը ժխտէ իր պատասխանատուութիւնը մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրին գծով», նշեց Յովիկ Մխիթարեան:

Յովիկ Մխիթարեան բնական աղէտներուն անդրադառնալու ընթացքին նաեւ յիշեց 1988-ին Հայաստանի հիւսիսային շրջանները հարուածած ահաւոր երկրաշարժը:

Share this Article
CATEGORIES