Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Լեարդը Եւ Փանքրէասը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2013-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեարդը եւ փանքրէասը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ուռուցքաբան վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց լեարդի եւ փանքրէասի դերը, պարտականութիւնը, տարբեր հիւանդութիւնները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի առնչուած են լեարդին եւ փանքրէասին հետ:

Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան դասախօսութեան սկսաւ շեշտելով լեարդի եւ փանքրէասի (ենթաստամոքսային գեղձ) կարեւորութիւնը, ընդհանուր մարմինի համակարգին եւ յատկապէս մարսողական համակարգին մէջ անոնց կենսական դերը:

Հանրութիւնը յարաբերաբար աւելի նուազ գիտելիքներ ունենալով փանքրէասի մասին

բժիշկը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ եւ բացատրութիւններով ամբողջացուց պատկերը:

Փանքրէասը կը գտնուի ստամոքսին ճիշդ տակը` դէպի ետեւ: Փանքրէասի դերը կը բացատրէ ցաւերու վայրը, ուր ցաւերը կ՛ըլլան գօտեւորող ցաւեր (գօտիի պէս) ու անպայման ցաւը կ՛ուղղուի դէպի կռնակի բաժին: Փանքրէասը կը բաժնուի երկու մասերու.

ա.- Գլխու մասը
բ.- Պոչի մասը

Փանքրէասը մեր մարմինին այն օրկաններէն է, որ կը պատկանի խառն գեղձերու ընտանիքին: Փանքրէասին մէկ մասը գլխաւորաբար կ՛արտադրէ ինսիւլին եւ կլուքակոն: Առաջինը մեր մարմինի շաքարի քանակը կը նուազեցնէ, իսկ երկրորդը կը բարձրացնէ: Իսկ երկուքին համակարգուած աշխատանքը մարմինի շաքարի քանակը կը պահէ բնական սահմաններու մէջ:

Փանքրէասի երկրորդ բաժինը կ՛արտադրէ ամիլազ եւ լիփազանզիմները, որոնք մարսողական համակարգին մէջ ունին իրենց կենսական դերը:

Փանքրէասը անփոխարինելի օրկան մըն է, կարելի չէ այլ միջոցներով փոխարինել անոր կատարած պաշտօնները:

Այնուհետեւ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան բացատրեց լեարդի եւ փանքրէասի կապը մարսողական համակարգին մէջ: Լեարդի արտադրած լեղին փանքրէասի տարբեր անզիմները միանալով կ՛ուղղուին դէպի աղիքներ` հոն օժանդակելու յատկապէս իւղերու մարսողութեան: Այս բաժինով դասախօսը յիշեց այն պարագան, երբ լեղապարկի քարը խցելով հիմնական ուղին դէպի աղիքներ, պատճառ կը դառնայ լեարդի եւ փանքրէասի արտադրութիւններու կուտակման ու փանքրէասի հիւանդութեան:

Այլ պայմաններ, որոնք կը յառաջացնեն փանքրէասի հիւանդութիւնները`

1. Ալքոլի բարձր քանակութեամբ գործածութիւնը` յատկապէս ցուրտ երկիրներուն մէջ:
2. Բարձր իւղերու, թրիկլիսերիտի քանակը:
3. Բարձր քանակութեամբ քալսիոմը:

Կան նաեւ փանքրէասի ժահրային բորբոքումներ, եւ նաեւ փանքրէասը բորբոքիլ մանրէի մը պատճառով:

Փանքրէասի բոլոր բորբոքումներուն բուժումը անպայման հիւանդանոցային պայմաններու տակ կ՛ըլլայ:

Փանքրէասի հիւանդութեան ախտանշանները կ՛ըլլան.

1.- Սուր ցաւ, որովայնի վերի բաժինէն դէպի կռնակ ուղղուող:
2.- Ախորժակի անկում:
3.- Սիրտխառնուք:
4.- Փսխուք:
5.- Փորքշուկ:

Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան խօսեցաւ նաեւ փանքրէասի քաղցկեղին մասին: Ատիկա կը յառաջանայ փանքրէասի գլխու բաժինին մէջ, եւ մեծ տարբերութիւն կայ գլխու եւ պոչի բաժիններուն մէջ յառաջացուցած քաղցկեղի պարագաներուն միջեւ: Բարեբախտաբար փանքրէասի քաղցկեղը այդքան ընդհանրացած չէ, իսկ պարագան մահացու կ՛ըլլայ:

Վերջին բաժինով դասախօսը խօսեցաւ նաեւ լեարդի հիւանդութիւններուն մասին: Լեարդի քաղցկեղը  կը յառաջանայ անցնելով երկար փուլերէ, եւ աւարտին հասնելով քաղցկեղի վիճակին: Լեարդը կրնայ վարակուիլ տարբեր ժահրերէ, A,B,C,D..: Լեարդի ամէնէն պարզ վարակումը առաջին տարբերակն է, ուր հիւանդը ամբողջովին կը բուժուի, իսկ այլ տարբերակներու վարակումը կ՛ըլլայ արեան կամ սեռային յարաբերութեան ճամբով: Հիւանդութեան պայմանները աւելի խիստ են եւ ընթացքը ընդհանրապէս քաղցկեղի առաջնորդող:

Աւարտին Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES