Հաղորդագրութիւն
Արցախեան պահանջատիրութեան 25-ամեակին նուիրուած շաբթուան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինը, ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, կազմակերպած է նաեւ արցախեան առօրեան ներկայացնող լուսանկարներու ցուցահանդէս մը:
Ցուցահանդէսին կրնան մասնակցիլ այն բոլոր հայորդիները, որոնք այցելած են Արցախ կամ այլապէս իրենց մօտ ունին արցախեան առօրեան պատկերող լուսանկարներ:
Լուսանկարները կարելի է յանձնել Համազգայինի գրախանութ: Յանձնումի պայմանաժամ ճշդուած է 10 փետրուարը: Դատական կազմը պիտի ուսումնասիրէ լուսանկարները, եւ լաւագոյնները պիտի արժանանան ցուցադրութեան:
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները մեծ խանդավառութեամբ պիտի ընկալեն այս ծրագիրը եւ ցուցահանդէսը բոլորին գործակցութեամբ պիտի վերածուի յիշատակելի նախաձեռնութեան մը:
Յաւելեալ մանրամասնութեան համար կարելի է հեռաձայնել Համազգայինի գրախանութ` 01- 241263/4 թիւերուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

