Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Անտիոքի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը
Երեքշաբթի, 29 յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին ներկայացուցիչը, աստուածաբանական ճեմարանի տնօրէն Ղաթթաս Հազիմ մետրոպոլիտը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս շրջանի կացութեան եւ յատկապէս միջեկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած հարցերու մասին:
CATEGORIES Գաղութային


