Իրան – Արժանթին Պատմական Համաձայնութիւնը Իսրայլէը Անակնկալի Մատնած Է
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «անակնկալի մատնուած է» 1994-ին Պուէնոս Այրեսի մէջ հրէական կեդրոնի ականահարման դէպքը քննարկելու անկախ յանձնախումբ մը ստեղծելու շուրջ գոյացած պատմական համաձայնագիրէն:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Եիկալ Փալմոր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մենք լուրէն անակնկալի եկանք»: «Արժանթինէն տեղի ունեցածին շուրջ ամբողջական մանրամասնութիւններ ստանալու համար քայլերու պիտի դիմենք, որովհետեւ այս հարցը բնականաբար ուղղակի կերպով Իսրայէլի առնչուած է»:
Արժանթին երկար ժամանակ մեղադրած է Իրանը` նշելով, որ այդ երկիրը կանգնած է մահացու յարձակումին ետին:
Պուէնոս Այրես 2006-էն ի վեր ամէն ձեւով փորձած է հասնիլ 8 իրանցիներու, ներառեալ` Իրանի ներկայ պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտիի եւ նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանիի արտայանձնման: Սակայն Թեհրան միշտ հերքած է իրեն ուղղուած բոլոր մեղադրանքները` հրաժարելով ձերբակալել կասկածելիները:
Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրշնըր նշած է, որ անկախ յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն հինգ անկախ դատաւորներ, որոնցմէ ոչ մէկը արժանթինցի կամ իրանցի պիտի ըլլայ:
Պատմական համաձայնագիրը ստորագրուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:
Յիշեցնենք, որ 18 յուլիս 1994-ին ականուած ինքնաշարժ մը պայթած էր Իսրայէլ-Արժանթին փոխադարձ օգնութեան ընկերակցութեան շէնքին մօտ` պատճառելով 74 զոհ, իսկ եօթը յարկանի շէնքը հողին հաւասարած էր: