Իրան Կը Հերքէ Իր Հիւլէական Կեդրոններէն Մէկուն Մէջ Պայթումին Լուրը
Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատարներու, կը հաղորդէ, որ այդ պաշտօնատարները կը հաւատան, որ մեծ պայթում մը իրանեան «Ֆուրտու» հիւլէական կայանին վնասներ պատճառած է` նշելով, որ «Թել Աւիւի մէջ աղբիւրներ կը կարծեն, որ պայթումը անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած է»:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կը շարունակէ հետաքննել կայանի կառոյցին վնասներ պատճառած եւ ատոր մէջ 200 աշխատաւորներ բանտարկած պայթումին մասին տեղեկութիւնները:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Թայմզ»-ին յայտնեց, որ «տակաւին պատահածն ու անոր կարեւորութիւնը հասկնալու փորձի առաջին հանգրուանին մէջ ենք»` նշելով, որ «չենք գիտեր, թէ պայթումը խափանարարական արարքի մը արդի՞ւնք էր, թէ՞ պատահական արկածի»:
Պաշտօնատարը մերժեց մեկնաբանել այն լուրերը, ըստ որոնց, պայթումին ժամանակ իւրանիոմի հարստացման 2700 սարք ունեցող իրանեան կառոյցին վերեւ իսրայէլեան օդանաւեր կային:
Իրան հերքեց «Թայմզ»-ի լուրը` զայն որակելով «արեւմտեան քարոզչութիւն», որուն նպատակը Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց արդիւնքին վրայ ազդելն է:
Իրանի հիւլէական ուժանիւթի հարցերով մարմինի նախագահ Սայիտ Շամէտտին Պարպարուտի յայտնեց, որ այդ «լուրերը սուտ են»:
Իրանի խորհրդարանին մէջ Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի իր կարգին կտրուկ կերպով մերժեց, թէ պայթում մը տեղի ունեցած է:

