Ըստ «Հիւրրիյեթ»-ի ՔԱԿ Փետրուարին Զինադադար Պիտի Յայտարարէ

Թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները 28-ամեայ ըմբոստութեան վերջ տալու թրքական պետութիւն-Ապտիւլլա Օճալան բանակցութեանց իբրեւ արդիւնք խաղաղութեան հոլովոյթի ժամանակացոյցին համաձայն փետրուարին թրքական պետութեան դէմ գործողութեանց դադրեցում պիտի յայտարարեն` Օճալանի հետ հեռաձայնային պաշտօնական կապի հաստատումէն ետք:

Իբրեւ վստահութեան կանգնման առաջին քայլ, ՔԱԿ-էն շուրջ հարիւր զինեալներ զինաթափուելով պիտի հեռանան Թուրքիայէն:

Ըստ խաղաղութեան ծրագիրին, ՔԱԿ-ի անդամները Թուրքիայէն հեռանալէ ետք զէնքերը վար պիտի դնեն, իսկ կառավարութիւնը քրտական փոքրամասնութեան յաւելեալ իրաւունքներ պիտի շնորհէ:

 

Share this Article
CATEGORIES