Փարիզի Մէջ ՔԱԿ-ի Գործիչներու Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ոճիրէն Առաջ 8 Անգամ Անգարա Այցելած Է
Ըստ Թուրքիոյ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան կատարած հետազօտութեան, Փարիզի մէջ ՔԱԿ-ի գործիչներու սպանութեան հարցով կասկածեալ Էօմեր Կիւնէյ ոճիրէն առաջ 8 անգամ Անգարա այցելած է, վերջինը` 19 օր առաջ:
Տնօրէնութիւնը նաեւ հետաքննած է, եթէ Կիւնէյ այլ նահանգներ եւս այցելած է, եւ ճշդած է ինքնութիւնը անոնց, որոնց հետ ան Թուրքիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է:
Իր հեռաձայնով եւ ե-նամակով Կիւնէյի ուղարկած պատգամները սերտելէ ետք պաշտօնատարները կրցած են ճշդել իր հաղորդակցած անձերէն ոմանց ինքնութիւնը: Անոնք հաստատած են, որ այդ անհատներէն երկուքը ՔԱԿ-ի առնչուած են: Տեղեկութիւնները նաեւ փոխանցուած են ֆրանսական իշխանութեանց:
Թրքական ոստիկանութիւնը նշած է, որ այս հարցով յառաջիկայ օրերուն կրնան ձերբակալութիւններ կատարուիլ:
Մալաթիոյ ընդհանուր դատախազը եւս հետաքննութիւն կատարած է: Հետաքննութեան առարկայ դարձած անհատները ապահովական պաշտօնատարներու կողմէ ձերբակալուելէ ետք Մալաթիոյ մէջ դատախազներու կողմէ պիտի հարցաքննուին:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ՔԱԿ-ի երեք գործիչներուն ընտանիքները Սթրազպուրկէն իրենց վերադարձին Թուրքիոյ մէջ փաստաբան մը պիտի կարգեն:


