Պարատէյի Կոչ Կ՛ուղղէ Մուրսիի Հետ «Անմիջական» Հանդիպումի
Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատին կողմէ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երկխօսութեան կոչի մերժումէն երկու օր ետք, ճակատի ղեկավար դէմքերէն Մոհամետ Պարատէյի երէկ կոչ ուղղեց նախագահ Մուրսիի հետ անմիջական հանդիպումի:
Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ «նախագահին, պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարին, սալաֆական շարժումին եւ Ազգային փրկութեան ճակատին միջեւ անմիջական հանդիպում մը կ՛ուզենք` բռնարարքներուն վերջ տալու եւ լուրջ երկխօսութեան սկսելու համար անմիջական քայլեր որդեգրելու նպատակով»:
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ նախագահ Մուրսիի խորհրդական Այման Ալի յայտնած է, որ «ընտրեալ նախագահ մը ցոյցերով տապալելու փորձը արեան ծովու պիտի յանգի, եւ ան որ այդ մէկը կը պահանջէ, ժողովրդավարութիւնը չի ճանչնար»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց ընթացաւարտ նախարար Հիլըրի Քլինթըն «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Եգիպտոսի մէջ պետութեան փլուզումը, մինչ բռնարարքներու եւ խռովարարութեանց մագլցում տեղի կ՛ունենայ, պիտի առաջնորդէ քաոսի մը, որ ամբողջ շրջանին վրայ պիտի տարածուի»:
Ան ըսաւ, որ եգիպտական նոր կառավարութիւնը ժողովուրդին ձգտումին պէտք է գիտակցի եւ զայն հասկնայ: «Կառավարութեան պատգամներն ու քայլերը պէտք է փոխուին, որպսէզի ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչեն, թէ անիկա (կառավարութիւնը) դէպի ժողովուրդին ձգտած ապագայ ճիշդ ճամբուն վրայ է»:
Նշենք, որ Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ապտուլ Ֆաթթահ Սիսի մէկ օր առաջ զգուշացուցած էր, որ ներկայ քաղաքական տագնապը «կրնայ պետութեան փլուզման առաջնորդել»:
Եգիպտական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Մուրսի Սուեզի ջրանցքի շրջանի քաղաքապետերը լիազօրած է կրակմարի դրութեան ճակատագիրը ճշդելու, ըստ գետնին վրայ տիրող կացութեան:
Մինչ այդ, երէկ արշալոյսին Գահիրէի Թահրիր հրապարակին մօտ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումի մը ընթացքին երկու անձեր փամփուշտներ ստացան: Անոնցմէ մէկը տեղւոյն վրայ մահացաւ, իսկ երկրորդը հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
Նշենք, որ նախագահ Մուրսի երէկ երկու ժամ տեւողութեամբ Գերմանիա այցելեց: Ան իր այցելութիւնը կրճատեց իր երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, իսկ ուրբաթ օր Փարիզ նախատեսուած իր այցելութիւնը ջնջեց:


